Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
Լատիներէն Սուրբ Վարդարան
Ժամանակացոյց Փոտքասթ
2022.08.06 Vangelo della XIX domenica del Tempo Ordinario (anno C)

Այլակերպութեան շրջանի երրորդ կիրակի - (Ա. Կորնթ. 6, 12 – 7, 11) - Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վրդ. Գույումճեանի կիրակնօրեայ մտածականը

Ահաւասիկ թէ մեզմէ ինչ խնդրուած է սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ. ըլլալ արթուն եւ հսկել մեր հոգիներուն եւ մարմիններուն վրայ, որպէսզի մեր անձերը մնան միշտ Քրիստոսի հետ եւ Քրիստոսի համար, որովհետեւ չարը միշտ պիտի փորձէ խլել մեր ազատութիւնը, որպէսզի հեռանալով Քրիստոսէ՝ դառնանք անոր մշտական գերին, եւ զրկուինք յաւիտենական ուրախութենէն
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Ահաւասիկ սիրելիներ, երկու շաբաթներ առաջ Պայծառակերպութեան տօնը եւ կամ տաղաւարը տօնելէ ետք, այսօր կը սկսինք Այլակերպութեան շրջանի երրորդ կիրակին:

Այսօր սիրելիներ, փոխանակ խոկալու մեր այսօրուան Աւետարանի հատուածին վրայ, պիտի առնենք Պօղոս առաքեալի ուղղած առաջին նամակը՝ Կորնթացիներուն, եւ տեսնենք թէ այս Երրորդ շաբաթէն ինչ նամակ կրնանք քաղել՝ միշտ ի նպաստ մեր հոգիին աճմանը, եւ վստահ մեր ֆիզիկականին լաւ պատրաստութեանը համար:

Ընթերցուածը կ՛ըսէ. «Ամէն ինչ արտօնուած է ինծի. բայց ամէն ինչ օգտակար չէ: Ամէն ինչ արտօնուած է ինծի. բայց պէտք չէ ոեւէ բանի գերի դառնամ: Կերակուրը ստամոքսի համար եղած է եւ ստամոքսը՝ կերակուրին. սակայն Աստուած թէ մէկը եւ թէ միւսը պիտի խափանէ: Բայց նոյնը չէ մարմինին պարագան: Մարմինը պոռնկութեան համար չէ, այլ Տիրոջ համար, եւ Տէրը՝ մարմինին: Որովհետեւ Աստուած ինչպէս որ Տէր Յիսուսը յարուցանեց, այնպէս ալ մեզ պիտի յարուցանէ իր զօրութեամբ: Չէ՞ք գիտեր թէ ձեր մարմինները Քրիստոսի անդամներն են» (Ա. Կորնթ. 6, 12-15):

Ի՞նչ կրնանք հասկնալ այս հատուածէն սիրելիներ.

1. Մենք, որպէս մէկական մարդ արարածներ, ստեղծուած ենք ազատ. երբեմն կ՛ըսենք թէ ան որ կ՛ապաշխարէ կը դառնայ գերի, բայց իսկականին՝ այն որ Քրիստոսի կը միանայ՝ կը դառնայ ազատ, որովհետեւ մենք բոլորս գնուած ենք Անոր արիւնով, եւ իրմով է որ մենք ազատ կ՛ըլլանք եւ ոչ թէ երբ Անկէ հեռու ըլլանք, որովհետեւ Անկէ հեռանալ կը նշանակէ՝ դառնալ չարին գերի:

2. Մենք որպէս մէկական մարդ արարածներ քանի որ ազատ ենք, ամէն ինչ արտօնուած է մեզի, սակայն ամէն ինչ օգտակար չէ ինծի: Այս աշխարհը ինծի շատ բաներ կրնայ տալ, բայց այդ մէկը չի նշանակեր որ պէտք եմ ընդունիլ, որովհետեւ պէտք եմ ունենալ նախ գիտակցութիւն՝ զանազանելու չարը բարիէն, ինչպէս նաեւ քաջութիւնը՝ ընտրելու ճիշտը եւ մերժելու սխալը:

3. Ինչո՞ւ պէտք չէ ընդունիլ ամէն ինչ. որովհետեւ երբ կ՛ընդունիմ այն բոլոր բաները որ աշխարհը ինծի կու տայ, զիս պիտի դարձնէ գերի, այսինքն փոխանակ որ սիրտս փափախէ Քրիստոսի եւ անձս մտածէ միայն ու միայն Քրիստոսի մասին, պիտի մտածէ եւ կամ պիտի զբաղի միայն ու միայն աշխարհիկով եւ վաղանցուկ նիւթերով: Յիշենք որ մենք կանչուած ենք պատրաստուելու, որպէսզի երբ Ժամանակը հասնի՝ արժանի ըլլանք վայելելու երկնքի արքայութիւնը:

4. Չարին բոլոր փափաքն է որ մեր հոգիները եւ կամ մեր անձերը կորսուին, եւ այդ պատճառով է որ կ՛ուզէ մեզ գերի դարձնել եւ գերի ալ պահել, սակայն երբ Քրիստոսի կը միանամ, այն ժամանակ է որ կը դառնամ ամբողջովին ազատ: Սատանան մեզ չխաբէ ըսելով թէ՝ ոչ բարին կ՛ուզեմ եւ ոչ ալ չարը, որովհետեւ կամ բարին կ՛ընտրեմ եւ մերժած կ՛ըլլամ չարը, եւ կամ ալ չարը կ՛ընտրեմ՝ եւ մերժած կ՛ըլլամ բարին:

5. Յիշենք որ մեր մարմինները եղած են եւ կամ տրուած են որպէսզի նախ եւ առաջ լաւ պատրաստուին՝ սպասեալ օրին համար, ինչպէս նաեւ ծառայեն Քրիստոսի, եւ դառնան փառաբանութեան եւ օրհներգութեան մէկական գործիքներ:

6. Որովհետեւ մեր այս մարմինները պիտի կերպարանափոխուին Քրիստոսի երկրորդ գալուստով, եւ պիտի ապրին յաւիտեան (փառքի մէջ եւ կամ դժոխքի մէջ), հետեւաբար մեզի կ՛իյնայ որոշելը ինչ վախճան տալ մեր այս մարմիններուն:

Ահաւասիկ թէ մեզմէ ինչ խնդրուած է սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ. ըլլալ արթուն եւ հսկել մեր հոգիներուն եւ մարմիններուն վրայ, որպէսզի մեր անձերը մնան միշտ Քրիստոսի հետ եւ Քրիստոսի համար, որովհետեւ չարը միշտ պիտի փորձէ խլել մեր ազատութիւնը, որպէսզի հեռանալով Քրիստոսէ՝ դառնանք անոր մշտական գերին, եւ զրկուինք յաւիտենական ուրախութենէն. Ամէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/07/2024, 08:00
Prev
June 2025
SuMoTuWeThFrSa
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930     
Next
July 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031